Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխեիլ Ջանելիձէ, հանդիպում ունեցաւ իր հայ պաշտօնակից Էտուարտ Նալպանտեանի հետ, որմէ ետք 2 նախարարները հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն միջեւ սերտ կապեր կան ու անոնք պատահական չեն, որովհետեւ 2 ժողովուրդները հազարամեակներ շարունակ ապրած են կողք կողքի: «Անոնց հիմքը փոխադարձ յարգանքն ու ժամանակի ընթացքին ստուգուած փոխադարձ վերաբերմունքն է», նշեց Էտուարտ Նալպանտեան աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները կ’ընդլայնին ու կը խորանան: «Նոյն տարածաշրջանին մէջ գտնուող երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն համար օգտակար է, ժամանակ առ ժամանակ տեսակէտներ փոխանակելը՝ ինչ կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, իսկ Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ չկան այնպիսի խնդիրներ, որոնք հնարաւոր չէ լուծել համատեղ ջանքերով», նշեց նախարարը: Նալպանտեանի խոսքով բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են նախագահներու միջեւ պայմանաւորուածութիւններու կատարումը եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդարձակ օրակարգը: Ըստ Նախարարին կողմերը պայմանաւորուեցան աշխուժացնել՝ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ կապերը եւ քննարկեցին փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու զարգացումը, ուժանիւթային ու զբօսաշրջութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութիւնը: Նաեւ համագործակցութիւնը կը շարունակուի հայերու մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործով: Նալպանտեան նշեց, որ գործընկերոջը տեղեկացուցած է նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներու մասին: Իր կարգին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ տարածաշրջանային բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին միայն խաղաղ ճանապարհով: Շեշտելով երկու ժողովուրդները կապող աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները՝ Ջանելիձէ նշեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ կատարել զանոնք բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու համար: Վրացի նախարարը ողջունելի նկատեց այն հանգամանքը, որ հակառակ արտաքին քաղաքականութեան տարբերութեան՝ 2 երկիրներուն միջեւ կը զարգանայ գործընկերութիւնը: Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Ջանելիձէ, իր ղեկավարած պատուիրակութիւնը գլխաւորելով այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ դրաւ յուշահամալիրի առաջ եւ ծաղիկներ զետեղեց 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի յաւերժական կրակի մօտ։ Նշենք, որ Վրաստանը մինչեւ հիմա չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանությունը: