Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Տպագիր Մամուլի Ակամայ Նահանջ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ինչպէս արդէն կը կանխատեսուէր եւ այս մասին նախորդ սիւնակով մը արտայայտուած էի, հաստատուած է «Սաֆիր» օրաթերթի փակման լուրը:

Արդէն յայտնի է թերթի պատասխանատուներուն յայտարարութիւններէն եւ երէկ «Ֆէյսպուք»ի իրենց էջերուն վրայ վերի նկարին նման ողջերթի նկարներ տարածող՝ «Սաֆիր»ի մէջ աշխատող կարգ մը պաշտօնակիցներուն գրանցումներէն, թէ 1974էն ի վեր 42 տարի անխափան հրատարակուող լիբանանեան ձախակողմեան մամլոյ տիտանը՝ պիտի դադրի լոյս տեսնելէ Ապրիլի առաջին օրէն սկսեալ:

Պատճառը հիմնականին մէջ նիւթական ըլլալով հանդերձ, շատեր նաեւ կ՛ուզեն վերագրել զայն անոր գաղափարակից նոր թերթերու հրապարակ գալուն, որ ներգրաւեց «Սաֆիր»ի անուանի խմբագիրները:

Կարգ մը աղբիւրներ շրջանառութեան մէջ դրին այլ լուր մը, թէ նախկին վարչապետ Նաժիպ Միքաթի գնած է «Սաֆիր»ը, սակայն այդ լուրը չհաստատուեցաւ:

Ինչ ալ ըլլան պատճառները, լիբանանեան տպագիր տիտանի մը անկումը հաճելի տրամադրութեան մէջ չի դներ մեզի, այլ կը ծառայէ որպէս ահազանգ՝ ջանալ փրկելու  մերը:

 

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին