Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Վերահրատարակուած Է Թաներ Աքչամի «Հայկական Հարցը Լուծուած է» Գիրքը

Թուրքիոյ մէջ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը եօթներորդ անգամ վերահրատարակած է թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ, փրոֆէսոր Թաներ Աքչամի «Հայկական հարցը լուծուած է» գիրքը: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` հիմնուելով «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան վրայ:

Աղբիւրին համաձայն Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն կուսակցութիւնը, ի պատասխան Պալքանեան պատերազմներէն անմիջապէս ետք ամբողջ երկիրի նեղ դրութեան մէջ գտնուելու զգացողութեան, Անատոլիոյ հողերը մաքրած է ոչ իսլամ տարրերէն եւ թրքացուցած է զանոնք: Այդ քաղաքականութեան մէջ ամենակարեւոր շրջադարձերէն մէկը եղած է Առաջին համաշխարհային պատերազմը: Քանզի պատերազմը յարմար մթնոլորտ ստեղծած է էթնիկ տարրերու աքսորի եւ բռնի տեղահանման համար: Հայերուն դէմ 1915-ին լայնօրէն կիրառուած «տեղահանութիւն»ը թրքացման քաղաքականութեան վերջին փուլն էր:

Թաներ Աքչամ սոյն ուսումնասիրութեան մէջ, որ պատրաստած է հիմնուելով օսմանեան փաստաթուղթերու վրայ, կը կեդրոնանայ  այն հարցին վրայ, թէ այդ մասին ինչեր կը պատմեն առաջնային աղբիւրները: Հեղինակը կը ներկայացնէ Թալէաթ փաշայի անընդմէջ վերահսկողութեան տակ եւ հրահանգներով տեղի ունեցած դէպքերը, եւ թէ ինչու դէպի Անատոլիոյ տարբեր շրջաններ «տեղահանուած են» հայերը: Գիրքին մէջ նշուած է նաեւ Թալէաթ փաշայի հեռագիրներէն մէկուն մէջ տեղ գտած այն արտայայտութիւնը, թէ «Հայկական հարցը լուծուած է: Կարիք չկայ ժողովուրդին եւ կառավարութեան անունը արատաւորել զուլումներու մասին անտեղի լուրերով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին