Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

«Հայկական Համայնքը Ֆրանսայի Մէջ Թրքական Համայնքին Հետ Մրցակցութեան Ընթացքին Չի Տկարանար». Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդի Համանախագահ

Ֆրանսահայութիւնը արդէն սկսած է պատրաստուիլ Ապրիլ 24-ի ձեռնարկներուն: Անոնք յատկապէս ունին պահանջատիրական բնոյթ։ Ըստ Panorama.am-ի այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը։ «Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի ըլլան ցոյցեր, իսկ Փարիզի մէջ Ապրիլ 24-ին պիտի կազմակերպուի ցոյց՝ կառավարութեան հետ համատեղ», ըսած է Փափազեան։

Ան նշած է, որ իրենց հիմնական նպատակը ամբողջ աշխարհին ցոյց տալն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցով  հայ ժողովուրդի պայքարը չէ աւարտած, անիկա կը շարունակուի, կան շարք մը հարցեր:

Մ. Փափազեանի խօսքով, Ֆրանսայի մէջ հայկական եւ թրքական համայնքներուն միջեւ քաղաքական մրցակցութիւն կայ:

«Թուրքերը քայլեր կ՝ընեն, որպէսզի թրքական գաղութի եւ Ֆրանսայի նախագահի միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնեն: Բայց Ֆրանսուա Օլանտը կանգնած է Հայ Դատի թիկունքին: Մենք մեր յարաբերութիւնները Ֆրանսայի ղեկավարին հետ վերջին երեք-չորս տարիներու ընթացքին զարգացուցած ենք», ըսած է ան:

Մ. Փափազեանը վստահեցուցած է, որ հայկական համայնքը Ֆրանսայի մէջ հզօր է, թրքական համայնքին հետ մրցակցութեան ընթացքին չի տկարանար: Ան նշած է,  որ Ազրպէյճանը իր քաղաքական լոպպինկը կը շարունակէ Ֆրանսայի մէջ, նիւթական մեծ միջոցներ կը ծախսէ քաղաքական շրջանակներու մէջ յաջողութիւններու հասնելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին