Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Հայաստանն Ու Արցախը Մոսկուայի «MITT’2016» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի աջակցութեամբ 14 ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով, Մարտ 23-էն 26 Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները կը ներկայացնեն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «MITT’2016» զբօսաշրջային ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին, որուն այս տարի կը մասնակցին աւելի քան 1800 ընկերութիւններ 192 երկիրներէ:

Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի լրատուական ծառայութենէն կը յայտնեն, որ «MITT»-ը աշխարհի 5 ամենամեծ զբօսաշրջային ցուցահանդէսներէն մէկն է: Անցեալ տարի «MITT2015»-ի ընթացքին, Հայաստանը ներկայացնող  14 զբօսաշրջային ընկերութիւնները 43 պայմանագիրեր կնքած են եւ սպասարկած յաւելեալ 23 զբօսաշրջային խումբերու:

Նման յաջողութիւնները «MITT»-ը շատ լաւ հարթակ կը դարձնեն Հայաստանի ու Արցախի զբօսավայրերու առաւելութիւնները ներկայացնելու համար, եւ ուղղուած են ամրապնդելու եւ խթանելու Հայաստանի ու Արցախի` որպէս զբօսաշրջային գրաւիչ երկիրի կայուն եւ զարգացող վարկանիշը:

«Ցուցահանդէսը նաեւ մասնաւոր հատուածի համար լաւ հարթակ է` գործարար կապերու հաստատման, գործընկերներու եւ յաճախորդներու հետ նոր պայմանագիրերու կնքման, ինչպէս նաեւ ներգնայ զբօսաշրջութեան ծաւալներու խթանման համար: Մեր մասնակցութիւնը նպատակ ունի առաւելագոյնս իրացնել զբօսաշրջային ոլորտի մէջ առկայ հայ-ռուսական համագործակցութեան մեծ ներուժը», նշած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատրեան:

Հայաստանը եւ Արցախը ներկայացնող ընկերութիւններն են` «Ջի2էյ», «Վարդանուշ գրէնդմա», «Ամթրաւել», «Վիզաւի թուր», «Ինթուր», «Օպերա թուր», «Արմենիա թրաւել + Մ», «Լոռե գրուպ», «Թուֆենկեան Հոսփիթալիթի», «Արմենիա մարիոթ», «Արարատ թուր», «Վիվառօ կեյմ», «Փանորամա Ռեսորթ», «Ջերմուկի նոր կեանք»:

Զբօսաշրջային ընկերութիւններէն բացի, ցուցահանդէսին կը մասնակցին եւ գործարար առաջարկներ կը ներկայացնեն հիւրանոցային, օդանաւային, առցանց ամրագրման գործը ներկայացնող ընկերութիւնններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին