Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութիւնը 4.7 Տոկոսով Աւելցած Է

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2016 թուականի Յունուար-Փետրուարին՝ 4.7 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշը:

ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան ներկայացուցած երկիրի ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող, ընթացիկ ամփոփմամբ ստացուած նախնական հիմնական ցուցանիշներու  համաձայն՝ անկում արձանագրուած է առեւտուրի շրջանառութեան եւ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ոլորտներու մէջ: Սպառողական գիներու ցուցակը նուազած է 1.1 տոկոսով, արդիւնաբերական արտադրութեան գիներու ցուցակը 4.9 տոկոսով: Շինարարութեան ծաւալը կրկին աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ համեմատելով՝ 2.1 տոկոսով: Ելեկտրականութեան արտադրութեան ոլորտին մէջ եւս առկայ է 7 տոկոսի աճ: Յունուար-Փետրուար 2015ին հետ բաղդատելով, ընթացիկ տարուան ծառայութիւններուն ծաւալը (առանց առեւտուրի) աւելցած է 9.8 տոկոսով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը 2.5 տոկոսով: Առեւտուրի շրջանառութիւնը նուազած է 1.8 տոկոսով եւ կազմած 264 միլիառ 261.2 միլիոն դրամ: Արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աւելցած է 9.9 տոկոսով՝ կազմելով 194 միլիառ 105.5 միլիոն դրամ:

Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աւելցած է 2.5 տոկոսով (177 հազար 670 դրամ): Արտաքին ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները Յունուար-Փետրուար 20150ին հետ բաղդատելով նուազած են 1.7 տոկոսով (614.2 միլիոն տոլար), ընդ որում արտածումը աւելցած է 23.6 տոկոսով (225.7 միլիոն տոլար), իսկ ներածումը նուազած է 12.2 տոկոսով (388.5 միլիոն տոլար): Դրամի փոխարժէքը տոլարին նկատմամբ Յունուար-Փետրուարին եղած է 489.84:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին