ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Մարտ 23-ին աշխատանքային այց կատարած է՝ 5-րդ բանակային զօրամիաւորման շարք մը ստորաբաժանումներ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը։
Շրջայցի նպատակը եղած է դիտարկել զինուորական ծառայութեան կազմակերպման պայմանները, ծանօթանալ սահմանագօտիի տուեալ հատուածի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ստուգել նախորդ այցելութիւններու ժամանակ տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:
Աշխատանքային այցի ծիրէն ներս՝ Սէյրան Օհանեան եղած է մարտական յենակէտերուն մէջ, ծանօթացած է ճարտարագիտական եւ ամրաշինական կառոյցներու վիճակին, ընթացիկ աշխատանքներուն, զրուցած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինծառայողներու հետ, հետաքրքրուած անոնց ընկերային-կենցաղային պայմաններով:
Զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներու մէջ, պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարին կողմէ հրամանատարական կազմին առաջադրուած են որոշակի խնդիրներ, տրուած են ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ` իրականացող աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ իրականացնելու ուղղութեամբ։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարը եղած է նաեւ Մարտ 21-ին մեկնարկած, զինուած ուժերու ղեկավար կազմի հաւաքներու ծիրէն ներս բացազատուած վրանային աւանին մէջ, լսած է բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու զեկոյցներն ու առաջարկները: