Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ներկայութեամբ, կառավարութեան շէնքին մէջ ստորագրուեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Քուէյթի Պետութեան միջեւ քրէական գործերով փոխադարձ իրաւական օգնութեան մասին» միջպետական համաձայնագիրը: Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան եւ Քուէյթի Պետութեան արդարադատութեան, կրօնական կալուածներու եւ իսլամական հարցերու նախարար Եաքուպ Ապտըլ ալ-Մոհսեն ալ-Սանիէ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Կառավարութեան մամլոյ եւ կապի վարչութենէն:
Վարչապետը ողջունած եւ կարեւոր համարած է համաձայնագիրի ստորագրումը` ընդգծելով, որ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներուն զուգահեռ, կարեւոր է նաեւ իրաւական դաշտի կարգաւորումը: Կառավարութեան ղեկավարը համոզուած է, որ իրաւական դաշտին մէջ փորձի փոխանակումը եւ փորձագէտներու փոխայցելութիւնները՝ պիտի ամրապնդեն Հայաստանի եւ Քուէյթի բարեկամական փոխգործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստեն տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու զարգացումին: