Թուրքիա-«Իսլամական պետութիւն» քարիւղի առեւտուրը կ՛իրականացուի լայն արտադրական ծաւաներով, իսկ մէկ պարել քարիւղի համար Անգարան կը վճարէ 12 տոլար: Այս մասին՝ ըստ panorama.am-ի՝ կը վկայեն «Russia Today» հեռուստաալիքի կայքին մէջ տեղադրուած փաստաթուղթերը, որոնք գործակալութեան փոխանցուած են սուրիական Ալ-Շատատէ քաղաքը ազատագրած քրտական ինքնապաշտպանական ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ գերի ինկած ԻՊ-ի զինեալներու խօսքերը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, գերեվարուած զինեալները Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու քաղաքացիներ են: Անոնք ծաւալուն տեղեկատուութիւն տրամադրած են ԻՊ-Թուրքիա տնտեսական եւ այլ բնոյթի կապերու մասին:
Այսպէս, թրքական ծագումով ԻՊ զինեալը կը պատմէ, որ իսլամիստներու մեծամասնութիւնը Սուրիա կը մտնեն Թուրքիայէն: Թրքական իշխանութիւններն ու սահմանապահները որեւէ կերպով չեն խոչընդոտեր այդ գործընթացին: Անոր խօսքով, սահմանին տեղակայուած մեծ քանակութեամբ թրքական զինուած ուժերը որեւէ ձեւով չեն արձագանգեր սահմանը հատելու բոլոր փորձերը:
Որպէս ապացոյց այն փաստին, որ զինեալները անարգել կը հատեն թուրք-սուրիական սահմանը քիւրտ աշխարհազօրայինները գործակալութեան տրամադրած են սպաննուած եւ գերի առնուած զինեալներուն անձնագիրները, որոնց մէջ մասնաւորապէս եղած են Լիպիոյ, Թունիսի, Պահրէյնի եւ նոյնիսկ Ռուսիոյ անձնագիրներ: Գերեվարուածներուն խօսքով, անձնագրի փոխարէն ԻՊ-ի «նորակոչիկ»-ը կը ստանայ քարոզչական գրականութիւն: Բացի ատկէ գործակալութեան տրամադրութեան տակ յայտնուած են քարիւղի վաճառքի հաշիւ-ապրանքագիրները, ըստ որոնց թրքական քարիւղատարներու վարորդները ԻՊ-էն քարիւղ ձեռք կը բերեն 12-26 տոլարով մէկ պարելի դիմաց:
RT-ն նաեւ կը նշէ, որ հետաքննութեան արդիւնքներով կը պատրաստուի վաւերագրական ֆիլմ, որ եթեր պիտի հեռարձակուի մէկ ամիս անց: