Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

«Արցախի Կառավարման Համակարգը Չի Կրնար Շատ Հեռու Ըլլալ Հայաստանի Մէջ Գործող Տարբերակէն». ԼՂՀ ԱԺ Նախագահ

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով, Մարտ 21-ին ստեղծուած է ԼՂՀ նախագահին առընթեր սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողով, որ պէտք է մինչեւ Սեպտեմբեր 10 մշակէ եւ նախագահին ներկայացնէ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծը:

Յանձնաժողովի նախագահ, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ըստ News.am-ի անդրադարձած է՝ ԼՂՀ-ի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան:

Անդրադառնալով Արցախի խորհրդարանին մէջ ընթացող Սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ քննարկումներու եւ բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան՝ ԼՂՀ ԱԺ նախագահը նշած է. «Սահմանադրական բարեփոխումներու թեման վաղուց կը շրջանառուի Արցախի հանրային – քաղաքական շրջանակներու մէջ: Այլ բան է, որ ուղղակի քննարկումները մեկնարկած են Փետրուար ամիսէն: Խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ուժերը, ունենալով տարբեր տեսլականներ եւ մօտեցումներ բարեփոխումներու վերաբերեալ, յայտարարած են հնարաւոր գործընթացի մէջ իրենց մասնակցութեան մասին:

Ինչ կը վերաբերի սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան, ապա պէտք է հիմք ընդունիլ երկիրի քաղաքական դաշտի հիմնական դերակատարներու պատկերացումները ապագայ սահմանադրական կարգի եւ պետական կառավարման ձեւի մասին: Մէկ բան կարելի է համոզուած ըսել՝ Արցախի պետական կառավարման համակարգը չի կրնար շատ հեռու ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող պետական կառավարման ձեւէն»:

Խօսելով կառավարման համակարգին մասին, Աշոտ Ղուլեան նշած է, թէ  անկախութեան 25 տարիներուն Արցախի մէջ քանի մը անգամ տեղի ունեցած են կառավարման տարբերակի փոփոխութիւններ: «Պետական կառավարման համակարգը այն ոլորտներէն է, որ անընդհատ կատարելագործման կարիք ունի: Այս առումով պէտք է կեդրոնանալ  ոչ այնքան կառավարման ձեւերու մասին քննարկումներու՝ ինչքան համակարգի արդիւնաւէտութեան ու ճկունութեան հարցերու վրայ: Արդէն ձեւաւորուած սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձանաժողովի առաջնահերթ ընելիքը, նոյնինքն այդ հարցին պատասխանող հայեցակարգի մշակումը պէտք է ըլլայ ` հիմնուած այսօրուայ հանրային-քաղաքական տրամադրութիւններու մէջ տիրապետող տեսակէտներու վրայ», ըսած է ԼՂՀ ԱԺ նախագահը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին