Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Աշակերտներուն Հոգեկանին Ու Ջիղերուն Հետ Չխաղալ…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ լուրերուն մէջ առաջին դիրքերէն մէկը կը գրաւէր՝ Լիբանանեան Պրէօվէի քննութեան ջնջումին առնչուող լուրը:

Այս հարցը վերջերս օրակարգի վրայ բարձրացաւ՝ երբ երեսփոխանական Մուսթաքպալ պլոքի անդամ Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Փաղանգաւոր  կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նատիմ Ժեմայէլ, պրէօվէի քննութեան ջնջումին հետ կապուած օրէնքի առաջարկ-ծրագիր մը ներկայացուցին: Ըստ նշեալ երեսփոխաններուն, իրենք պրէօվէի քննութեան ջնջումի գաղափարին կը զօրակցին, որովհետեւ կը հաւատան, որ այդ քննութիւնը ձախողած է քայլ պահել եւ զարգանալով համահունչ ընթանալ՝ լիբանանեան կրթական ծրագիրի առաջընթացին հետ:

Թէ ի՞նչ գիտական տուեալներու վրայ հիմնուած են՝ վերոյիշեալ երիտասարդ երեսփոխաններուն ներկայացուցած առաջարկին պատճառները՝ չեմ գիտեր, սակայն ըստ ինծի եւ հիմնուելով երկարամեայ կրթական փորձառութեան վրայ, ես ոչ միայն կ՛առաջարկեմ ջնջել պրէօվէի քննութիւնները, այլ նաեւ ինքնին պաքալորէան, որովհետեւ անոնք այն ձեւով, որ կը ներկայացուին՝ հեռու են ժամանակակից եւ ընդհանրական չափանիշով (standardized) քննութիւններ հանդիսանալէ, այլ ընդհակառակը՝ մտնելով երկիրի պետական հաստատութիւններու փտած համակարգին տակ, ոչ միայն նպատակին չեն ծառայեր, այլ լուրջ վնաս ալ կու տան աշակերտութեան (որուն մասին հանգամանօրէն խօսիլը երկար  յօդուածի մը կը կարօտի):

Կը մնայ սակայն լուսաբանել մեր սիրելի ընթերցողները կամ վերոյիշեալ հարցով անմիջականօրէն առնչուող ծնողներն ու աշակերտները, թէ դպրոցական տարեշրջանի ներկայ եղանակին երեսփոխանական նման առաջարկ մը (որ քաղաքական սովորական պայմաններու մէջ իսկ դժուարութիւն ունի օրէնքի վերածուելու՝ եթէ նկատի ունենանք ժամանակի տուեալը), անկարելի է ներկայ պայմաններու բերմամբ քննարկուի խոհրդարանին մէջ, ապա անցնի վարչական սովորական գործընթացէն հասնելով կիրարկուող օրէնքի…։

Հետեւաբար իմ կողմէս կը յայտարարեմ, որ քանի պրէօվէի քննութիւնը հաստատուած է լիբանանեան օրէնքով, ապա այլ օրէնքի մը կարիքը կայ զայն ջնջելու համար: Հիմնուելով այս կէտին վրայ կը շեշտեմ, որ նման թէական նոր օրէնք մը կիրարկելի պիտի չըլլայ այս տարեվերջին: Ուստի աւելի լաւ է արդէն իսկ շուարած աշակերտներուն հոգեկանին ու ջիղերուն հետ չխաղալ՝ ամէնօրեայ նման ցնցիչ լուրերով:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին