Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Անիի Աւերակները Ուսումնասիրելու Համար Աջակցութիւն Անհրաժեշտ Է

Անիի աւերակները ԵՈՒՆԵՍՔՕի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու համար աշխատանքները, 15 տարիներէ ի վեր շարունակաբար հետազօտող գրող Վետաթ Աքչակէոզ վստահ է, որ Անիի շրջակայքին մէջ գտնուող 26 եկեղեցիներէն բացի՝ Անիի հնավայրը մէկ այլ երես ալ ունին:

«Կը հաւատանք ու կը փորձենք լոյս սփռել ատոր վրայ», ըստ Tert.am-ի «Ակօս»ին ըսած է հետազօտողը:

«Երկար տարիներէ կ՛աշխատիմ այս նախագիծին վրայ ու հասկցած եմ, որ մինչեւ հիմա Անիի աւերակներուն միայն 35 տոկոսը ուսումնասիրուած է: Անիի Տէյիրմենլեր շրջանը դեռ շատ չբացայայտուած կողմեր ունի: Իմ նկարահանած փաստագրական ֆիլմը եւ փաստաթուղթերը, զեկոյցի տեսքով ներկայացուցած ենք Կարսի Մշակոյթի եւ արուեստի միութեան ու ԵՈՒՆԵՍՔՕի պաշտօնեաներուն», ըսած է Աքչակէոզ:

Ան նաեւ խօսած է իր ուսումնասիրութիւններուն համար անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութեան մասին` յայտնելով, որ անհրաժեշտ 1 միլիոն 400 հազար լիրայի փոխարէն՝ թրքական կառավարութենէն ընդամէնը 200 հազար ստացած է:

«Անիի շրջակայքին մէջ գտնուող Աքաքայէն մինչեւ Քոզլուք հասնող շրջանին մէջ գտնուող 26 եկեղեցիներէն բացի, Անին այլ կողմ ալ ունի: Ատոր կը հաւատանք եւ կը ցանկանք լոյս սփռել: ԵՈՒՆԵՍՔՕն ալ այդ նախագիծը շատ արժէքաւոր համարած ու աջակցած է: Ես ալ տեսախցիկը ձեռքիս, սիրողական մակարդակով կը ցանկամ մարդկութեան լսելի դարձնել այս ժառանգութեան մասին», ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին