Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ի Թրքական Կազմակերպութիւնները Միաւորուած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Դէմ

Միացեալ Նահանգներուն մէջ գործող թրքական աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ՝ ձեւաւորուած է «Թուրք-ամերիկեան ազգային  ղեկավար կոմիտէ» (Turkish American National Steering Committee – TASC), որ իր առջեւ նպատակ դրած է պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ:

Ըստ ermenihaber.am-ի, որ վկայակոչելով  թրքական «Սապահ»ը կ՛ըսէ, թէ TASC-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ  իրենց նպատակն է ԱՄՆ-ի հասարակութիւնը իրազեկել  եւ  ցոյց տալ «պատմական ճշմարտութիւնը» Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Կը նշուի նաեւ, որ կոմիտէին նպատակներէն է նպաստել ԱՄՆ-ի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ  մշակութային կեանքին մէջ թուրք հանրութեան ներգրաւուածութեան բարձրացման, ԱՄՆ-ի իշխանական շրջանակներու մէջ Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցման եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ Թուրքիոյ մասին դրական ընկալումներու ձեւաւորման:

Կոմիտէի հիմնադիրներն են Իպրահիմ Ույարը, Կիւնայ Օւունչը, Տերիա Թաշքինը, Մուրաթ Կիւզելը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ այս տարի Կալիպոլիի տօնակատարութիւնները իրականացած են Մարտ 18-ին` ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, երբ միտումնաւոր կերպով այդ ձեռնարկները տեղափոխուած էին Ապրիլ 24ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին