Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Այցը Հայ Աւետարանական Գոլէճ

14 Մարտ 2016-ին Հայ Աւետարանական Գոլէճ՝ ՀԱԳ այցելեց ԼՂՀ-ի վարչապետ տիար Արա Յարութիւնեանը, ընկերակցութեամբ պետական պատուիրակութեան, Լիբանանի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Պր. Կարօ Քէպապճեանի եւ Արցախ Ֆոնտի պատասխանատուներէն Պր. Մասիս Ալեքսանտրեանի: Շէնքի մուտքին վարչապետն ու պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Փոխտնօրէն Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի կողմէ, ապա տեսչարանին մէջ տեսակցեցան տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին  հետ, որու ընթացքին պատուիրակութեան տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ՀԱԳի պատմութեան եւ առաքելութեան մասին: Հիւրերը ստացան Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի պատմագիտական աշխատութիւններէն օրինակներ: Փոխանակուեցան յուշանուէրներ:

Նշենք, թէ նոյն օրը ՀԱԳի 12րդ դասարանի աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն, ներկայ եղան Հայկազեան Համալսարանին կողմէ կազմակերպուած Պր. Արա Յարութիւնեանին հետ լիբանանահայ երիտասարդներու հանդիպումին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին