Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Իսրայէլեան Նոր Պատերա՞զմ

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջին օրերուն սկսան յաճախակի դառնալ լրատուական միջոցներու կամ այսպէս կոչուած հաւաստի աղբիւրներու տարածած լուրերն ու վերլուծումները՝ ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուելիք նոր պատերազմի մը Լիբանանի դէմ:

Ի տես այս լուրերուն կը խորհիմ, թէ որքա՞ն տրամաբանական կրնայ ըլլալ նման բան մը՝ մինչ կը մտածեմ, թէ ո՛չ Իսրայէլի եւ ո՛չ ալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն գործին կու գայ, կամ շահ մը կրնան ունենալ նման արկածախնդրութեան մը մէջ, որ կրնայ ամէն օր աւելի եւս վարկ կորսնցնող Հըզպալլայի զէնքին՝ կարեւորութեան կամ զինուորական գոյութեան օրինականութիւն մը տալ կամ դեր մը շնորհել…:

Յուսամ վերլուծումս ճիշդ դուրս կու գայ՝ Լիբանանին խնայելով նոր փորձանք մը, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թոհուբոհին մէջ՝ կարծէք միայն այդ պակաս էր…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին