Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ նախաձեռնեցին փոքրիկ հանդէս մը, նիւթ ունենալով «Գիրք»ը։ Տարուան այս գեղեցիկ եղանակի սեմին գիրքը նմանցնելով գարնան, որ կը պայծառացնէ իրենց միտքը, պատկերազարդ էջերու վերածելով անոնց երեւակայութիւնը։
Երկուշաբթի, 21 Մարտ 2016ին, ծնողներն ու հարազատները հաւաքուած էին վարժարանի Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս, վայելելու «BOOK DAY» խորագիրով այս ձեռնարկը։
Լիբանանի, Հայաստանի եւ դպրոցի քայլերգները երգելէ ետք, խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Հաննա, շեշտելով «դպրոց տուն համագործակցաբար ուղղել աշակերտը՝ որպէսզի ան ըլլայ ընթերցասէր։ Անհրաժեշտ է փոքրիկները տունէն ներս իսկ տեսնեն իրենց ծնողքը, որ կը կարդան եւ այսպիսով գիրքը դարձնեն իրենց անբաժանելի ընկերը»։ Ներկաները տեսաերիզի ընդմէջէն դիտեցին «BOOK DAY»ի նախապատրաստութիւններու աշխատանքները։
Կոկոն դասարանը ներկայացուց «Արային Գրադարանը», իսկ Ծաղիկ դասարանը «Գիրքը» եւ «Book»ը, Բողբոջի փոքրիկները պարեցին «Կաց», մանկամսուրը «Հոյ Լարի», Ծաղիկինները «M. Le Livre», իսկ Կոկոնը «Եկէք Հաշուենք», Բողբոջը նաեւ արտասանեց արաբերէն լեզուով «Դաք Դիք», Կոկոնը «Գիդապի» իսկ Ծաղիկը «Սատիգի Քիդապի», նաեւ Կոկոնը արտասանեց «Open A Book»։
Յայտագիրի աւարտին սիրտի խօսքը փոխանցեց Վարժարանիս Տնօրէնուհին՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ըսելով. «Գիրքը կը փոխանցէ գիտելիք եւ գալիք սերունդները անցնող դարերու ոգիին հետ կը հաղորդուին, ընթերցանութիւնը կ՛աշխուժացնէ աշակերտին ուղեղը, կը բարելաւէ անոր գիտելիքները, շարադրելու ունակութիւնը, կեդրոնացումը, կը հարստացնէ բառապաշարը եւ կը զարգացնէ քննական միտքը։ Ուրեմն եկէք կարեւորենք գիրքի դերը մեր կեանքէն ներս եւ առաջնորդենք մեր զաւակները ըլլալու ընթերցասէր»։
Տուն վերադարձին փոքրիկները իրենց հետ տարին օրուան նիւթը խորհրդանշող ձեռայիններ՝գիրքէջեր, ինչպէս նաեւ գարնան ձեռայիններ։