Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

2015 Թուականին Լեռնային Ղարաբաղ Այցելած Են 16.5 Հազար Օտարերկրեայ Զբօսաշրջիկներ

2015 թուականին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են 16.5 հազար օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ: Այս մասին ըստ News.am-ի, Մարտ 21-ին Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ԼՂՀ տնտեսութեան փոխնախարար Սերկէյ Շահվերդեան:

Անոր խօսքով քանի մը տարի շարունակ այդ այցելութիւններուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով կ՛աճէր: 2014 թուականին այդ աճը դանդաղած էր մինչեւ 13 տոկոս, սակայն 2015-ին ցուցանիշը նորէն աճած է: «Իսկ եթէ խօսինք Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն ժամանող զբօսաշրջիկներուն մասին, ապա այդ թիւը շատ աւելի մեծ է», ըսած է Շահվերդեան:

Արտասահմանեան երկիրներէն Արցախ կը ժամանեն հիմնականօրէն Ռուսիայէն, այցելուներուն մեծ մասը ծագումով հայեր են: Երկրորդ տեղը ԱՄՆ-ն է, յետոյ եւրոպական երկիրներն են:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին