Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պրիւքսէլի Պայթումներէն Հայ Դիւանագէտները Եւ Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը Չեն Տուժած

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դիւանագէտները, քաղաքին մէջ գտնուող Ազգային Ժողովի՝ ԱԺ պատուիրակութիւնը չեն տուժած պայթումներուն հետեւանքով: Այս մասին Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց՝ ԱԳ նախարարութեան մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

Աւելի առաջ ան նշած էր, որ Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան կը հետեւի զարգացումներուն:

Նշենք, որ Մարտ 22-ին Պրիւքսէլի օդակայանին մէջ որոտացած են 2 պայթումներ, որոնց յաջորդած են պայթումներ մեթրոյի կարգ մը կայարաններու մէջ. ըստ նախնական տուեալներու զոհուած են 23 մարդիկ եւ աւելի քան 35 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Պելճիքայի մայրաքաղաքի օդակայանին եւ մեթրոյին մէջ իրականացած պայթումներէն յետոյ, Պրիւքսէլի ՀՀ դեսպանատան մէջ բացուած է թէժ գիծ ՀՀ քաղաքացիներուն համար: ՀՀ քաղաքացիները կրնան զանգահարել +32.2.3484406 հեռախոսահամարով:

Պելճիքայի ճգնաժամային կեդրոնի արտակարգ իրավիճակներու հեռախօսահամարը 1771 է:

Ազգային ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Պրիւքսէլի մէջ կը շարունակէ իր աշխատանքները՝ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովի՝ ԽՎ-ի 5-րդ լիագումար նիստի ծիրէն ներս:

Այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ԱԺ պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան` նշելով, որ առաւօտեան պիւրոյի նիստին արտայայտած է պատուիրակութեան վրդովմունքը կատարուածին վերաբերեալ ու զօրակցութիւն յայտնած Պրիւքսէլի օդակայանին եւ մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան զոհերու հարազատներուն:

ՀՀ Ազգային ժողովի ինը պատգամաւորներ Պրիւքսէլ կը գտնուին` «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով։ 2016 Մարտ 20-24 Պրիւքսէլ մեկնած են ԱԺ պատգամաւորներ Արտակ Զաքարեանը, Յովհաննէս Սահակեանը, Միքայէլ Մելքումեանը, Թեւան Պօղոսեանը, Հրանդ Բագրատեանը, Մհեր Շահգելդեանը, Կարինէ Աճէմեանը եւ Վահէ Էնֆիաճեանը, ինչպէս նաեւ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի ծիրէն ներս՝ վեհաժողովի կանանց ֆորումի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով՝ Պրիւքսէլ է նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին