Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հոմսի Սբ. Մեսրոպ Եկեղեցին Պիտի Վերակառուցուի

Չորեքշաշբթի, 16 Մարտ 2016-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, Ազգ. Իշխանութեան Քաղաքական Ժողովի ատենապետ՝ տիար Աւօ Ոսկեանի եւ Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինի անդամ տիար Պօղոս խաճարեանի հետ այցելեց Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ՝ տիար Վազգէն Խաչատուրեանի եւ 70-է աւելի ընտանիքներու կողմէ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները Սբ. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ, ժողովրդային հանդիպում ունեցան Հոմսահայ ընտանիքներուն հետ: Յուզիչ հանդիպման մթնոլորտի մէջ, Սրբազան Հայրը նախ մխիթարական պատգամ մը փոխանցեց ժողովուրդին, յայտնելով իր եւ Դամասկոսի Թեմի Ազգային իշխանութեան զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: Սրբազան Հայրը ի մասնաւորի շեշտեց եկեղեցւոյ եւ դպրոցի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Ապա ուրախութեամբ յայտնեց, թէ վերականգնումը պիտի սկսի այս տարուայ ամրանը: Այնուհետեւ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւն ու փառաբանական եւ գոհաբանական աղօթք, Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հոմսի կայունութեան եւ խաղաղութեան համար:

Յետ ժամերգութեան Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Հոմսի հայութեան հետ եւ լսեց անոնց մտահոգութիւններն ու խնդիրները: Ապա Սրբազան Հայրը եւ հիւրերը շրջագայելով եկեղեցւոյ շէնքին վնասուած եւ ռմբակոծուած բաժինները, հետեւեցան վերանորոգութեան նախնական աշխատանքներուն եւ քննարկեցին հնարաւոր ու անհրաժեշտ քայլերը՝ Եկեղեցւոյ եւ դպրոցի ամբողջական վերականգնումին առնչութեամբ:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 2011-էն ի վեր Սբ. Մեսրոպ եկեղեցին եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանը նմանապէս բռնագրաւուած էին ահաբեկիչ զինեալներու կողմէ: Լռած էին եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջներն ու աղօթքները: Դադրած էին վարժարանի դասաւանդութիւնները: Եկեղեցւոյ եւ դպրոցին շէնքը վերածուած էին զինեալներու կեդրոնի, իսկ նկուղին մէջ գտնուող սրահը՝ հիւանդանոցի: Ուսուցչաց սենեակն ու տեսչարանը դարձած էին մզկիթ աղօթավայրի, մինչ առաջին յարկին մէջ գտնուող եկեղեցին՝ հանրակացարանի եւ հաւաքական ննջասենեակի ու Եկեղեցւոյ Սուրբ խորանը սրբապղծուած էր:

Ապա Դամասկահայ Շտապ Օգնութեան Մարմինին կողմէ ներկաներուն բաժնուեցաւ նիւթական օժանդակութիւն, քաջալերելով զիրենք դիմակայելու եւ հաղթահաելու իրենց քաղաքին եւ շրջանին մէջ տիրող դժուարութիւնները:

Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի
17 Մարտ 2016

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին