Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Կրնա՞յ Ֆետերասիոնը Լիբանանի Դռներն ալ Զարնել

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Այն օրէն, որ Սուրիոյ մէջ կրակմարը սկսաւ գործադրուիլ, կարգ մը կողմեր սկսան խօսիլ, թէ Սուրիոյ հարցով խաղաղ լուծումներու շոգեկառքը արդէն իսկ իր գիծին վրայ դրուած է: Այս թէզը պաշտպանողները իրենց նախատեսութիւնը եկան հաստատելու Ռուսիոյ նախագահ Փութինի որոշմամբ՝ որն է Ռուսական բանակի  կարեւոր միաւորներուն Սուրիայէն հեռացնելը:

Վերոյիշեալին զուգահեռ սակայն սուրիական հարցի լուծման գծով ուրիշ երեւոյթ մը սկսաւ պարզուիլ, որն է ֆետերասիոնը՝ դաշնակցային դրութիւնը, որ իր գործնական ուղիին վրայ դրուեցաւ Սուրիոյ քրտական շրջաններու մէջ, վերջին օրերու հոն միակողմանի ինքնավարութեան յայտարարութեամբ:

Կարելի՞ է հաւատալ սիրելի ընթերցող, որ վերոյիշեալները՝ թէական թէ իրական, իրենց անդրադարձը պիտի չունենան Լիբանանի վրայ:

Չի՞ կրնար ըլլալ, որ ֆետերասիոնի գաղափարը նաեւ զարնէ Լիբանանի դռները, որ լիբանանեան թնճուկին համար տրամադրելի լուծումներէն մէկն ալ ըլլայ:

Արդիւնքը՞: Կրնայ անոր լեղի կամ անոյշ ըլալը՝ մօտէն նայողներուն տեսանելի չըլլալ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին