Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ին, Ծաղկազարդի տօնին, Դամասկոսի Սբ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի մատուցուեցաւ Սբ. եւ անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Քիրէճեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանը:
Յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները աղօթքի եւ ընդունելու զՔրիստոս, ըսելով. «Քառասնօրեայ պահեցողութեան, խոկման եւ աղօթքի շրջանէն ետք, մենք եւս պատրաստուած եւ հոգեպէս ամրապնդուած միանանք Երուսաղէմի բնակիչներուն, որոնք ձիթենեաց ոստերով եւ արմաւենիներով ընդունեցին Քրիստոսի արքայավայել մուտքը Երուսաղէմ, մենք ալ աղօթքով գոտեպնդուինք ու զարդարենք մեր սիրտերը առաքինութեամբ եւ ընդունինք երկնաւոր թագաւորը մեր սիրտերուն մէջ ու ըսենք. օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն ի բարձունս…»։
Ծաղկազարդի օրը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ հռչակուած է որպէս մանուկներու օրհնութեան օր` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Տիրոջ՝ Երուսաղէմի տաճար մտնելու ժամանակ մանուկները կ՛աղաղակէին՝ ըսելով. «Օրհնութի՜ւն Դաւթի որդիին» (Մատթ. ԻԱ 15):
Յաւարտ Սբ. Պատարագի տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգը, որուն կը մասնակցէին բազմահոծ հաւատացեալներ։ Դամասկոսի Թեմի Առջանորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան ներկայ բազմաթիւ երախաներուն ու մանուկներուն տուաւ իր օրհնութիւնը, մաղթելով բոլորին առողջ եւ յաջողութեամբ ու հաւատքով առլեցուն ապագայ։ Մանուկներու օրհնութիւնը ճոխացուց Դամասկոսի Հ. Մ. Միութեան նուագախումբ փողերախումբը, որ կատարեց հայրենասիրական եւ ազգային երգեր։