Մարտ 20-ին Գամիշլիի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, նշուեցաւ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Արդարեւ Ծաղկազարդուեցաւ Գամիշլիի հայութիւնը իր զաւակներով, որոնք հաստատեցին, թէ կարելի չէ դատարկել շրջանը՝ քանզի մեր արմատները ուժեղ են, իսկ կամքը անկոտրում։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը: