Շաբաթ, 09. 11. 2024

spot_img

Ապրիլ 24-ին Թեհրանի Մէջ Դէպի Թուրքիոյ Դեսպանատուն Բողոքի Երթ Պիտի Կազմակերպուի

Թեհրանի մէջ Ապրիլ 24-­ին` Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, հայկական համայնքը կը նախատեսէ իրականացնել բողոքի երթ: Այս մասին «Արէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Թեհրանի Հայոց թեﬕ թեմական խորհուրդի հանրային կապերու ղեկավար Գասպար Աﬕրխանեան:

«Երթը պիտի սկսի Ազգային առաջնորդարանի մօտէն: Այնտեղ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը: Այդտեղ ծաղիկներ կը խոնարհենք, յարգանքի տուրք կը մատուցենք, այնուհետեւ եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ, որմէ ետք երթով կը շարժինք դէպի Իրան մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն, ուր կը ներկայացնենք ﬔր նամակը», ըսած է­ Գասպար Աﬕրխանեան:

Անոր խօսքով այս տարի կը նախատեսուին տարբեր ձեռնարկներ` փորձելով ներգրաւել Իրանի մտաւորականութիւնը, իշխանութեան տարբեր մակարդակի գործիչներ: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը իրանահայութեան համար ﬕշտ եղած է առաջնահերթ խնդիր: Տարուան ընթացքին պարբերաբար աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ: «Հասկ» հաստատութիւնը կ՛իրականացնէ ուսուﬓասիրութիւններ, պարսիկ մտաւորականութեան լայն շրջանակը յօդուածներ կը հրապարակէ: Պարսկերէնով հանդէս լոյս կը տեսնէ, ուր պարբերաբար անդրադարձ կը կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային: Տեղեկատուական դաշտի մէջ գործօն աշխատանք կը տարուի, բայց կը կարծեմ, որ դեռ անբաւարար է: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ﬕջոցառուﬓերու ժամանակ, Իրանի խորհրդարանի փոխխօսնակը դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ ﬔծ ձեռքբերում էր հայ համայնքի համար: Յոյսով ենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին եւս կրնանք երկրորդ յաջողութիւն ունենալ», ըսած է­ Գասպար Աﬕրխանեան:

Ան նշած է, որ վերջերս խորհրդարանի երեսփոխան դարձած երկու հայ պատգամաւորներուն` Կարէն Խանլարեանի եւ Ժորժ Աբրահամեանի նախընտրական ծրագրային դրոյթներէն էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետամուտ ըլլալը: Ըստ անոր հայկական համայնքը ﬕասնաբար կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով Արցախի հարցին Գասպար Աﬕրխանեան նշած է, որ իրանահայ համայնքը առաջին իսկ օրերէն Արցախի կողքին եղած է եւ հիմա եւս Արցախի հետ ամուր կապեր հաստուած են: Ըստ անոր պարբերաբար իրանահայերը կ՛այցելեն Արցախ, աշխոյժ համագործակցութիւն կայ տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար կրթական գծով: Ինչ կը վերաբերի Իրանի իշխանութիւններուն, Գասպար Աﬕրխանեան նշած է, որ Արցախի հարցին հետ կապուած ﬕշտ ալ Իրանի իշխանութիւններուն դերը դրական եղած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին