*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կ՛ապրինք Զատկուան տօնը նախորդող օրեր: Ժամանակ՝ Քրիստոնէավայել բարեգործութիւններ կատարելու:
Այս առիթով եւ անգամի մը համար պիտի առաջարկէի փոքր փոփոխութիւն մը մտցնել՝ այս մարդկային սովորոյթին մէջ հետեւեալ ձեւով.
Բարեգործութեան դասական ձեւին փոխարէն թող, որ՝
- Մեծահարուստները եւ քաղաքական գործիչները իրենց տուրքերն ու պետական գանձին հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւնները խղճմտաբար վճարեն:
- Պաշտօնեաները իրենց գործատէրերը չգողնան:
- Պետական պաշտօնեաները չկաշառուին:
- Խեղճ քաղաքացիները իրենց մօտ տակաւին ձգուած քանի մը ոսկին աւելի եւս աղքատներուն նուիրելու փոխարէն՝ իրենց իրաւունքները պաշտպանեն, կաշառք չվճարեն եւ անտարբերութեամբ չվարուին իրենց զաւակներուն իրաւունքները գողցողներուն հետ:
Պէտք է հասկնանք, որ եթէ մեծահարուստները իրենց համար սահմանուած տուրքերը արդարօրէն վճարեն, քաղաքական գործիչները հեռու մնան բտածութենէ, կաշառքն ու կողոպուտը չքանան՝ այս բոլորը երկարաժամկէտ ձեւով երկիրին ու քաղաքացիին աւելի օգուտ կու տան՝ քան բարեգործական ձեռնարկներով ժողովուրդին հաց եւ լաթ բաժնելը, երբեմն այն միեւնոյն անձերուն կողմէ, որոնք ժողովուրդին արիւնը կը ծծեն շատ յաճախ…:
Ի՞նչ կ՛ըսես սիրելի ընթերցող, չարժե՞ր անգամի մը համար քրիստոնէութիւնը այս տեսանկիւնէն դիտել Լիբանանի… եւ Հայաստանի մէջ ալ: