Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ատրին Նազարեանի, Խաչօ Աշաճեանի եւ Սքաթ Ուիլքի նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրական մրցում մը, որուն կրնան մասնակցիլ 9-12րդ դասարաններու աշակերտներ:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Քալիֆորնիոյ վարժարաններու 9-12 կարգերուն համար դասաւանդուելիք դասանիւթի ոճով, որուն մէջ պէտք է յիշուին Ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները եւ այլ կարեւոր մանրամասնութիւններ։ Այս բաժինին մէջ կարելի է 5 լուսանկարներ կամ ցուցակներ ու քարտէսներ զետեղել, իսկ նիւթը 500 բառէն աւելի պէտք չէ ըլլայ (թիւ 12 տառատեսակով եւ տողընդմէջ շարուած)։ Ասոր կողքին մէկ էջնոց աշխատանքի մանրամասն ծրագիր մը պէտք է պատրաստուի, ի պաշտպանութիւն ներկայացուած դասանիւթի որդեգրման։
Լաւագոյն շարադրութեան հեղինակը պիտի ստանայ 1000 տոլարի կրթանպաստ, իսկ 2րդ եւ 3րդ դիրքերը գրաւողները՝ յաջորդաբար 500 եւ 300 տոլարի: Լաւագոյն երեք շարադրութիւններու հեղինակները նաեւ պիտի մասնակցին Սաքրամենթոյի մէջ Ապրիլ 18ին կայանալիք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Շարադրութիւնները պէտք է յղուին մինչեւ 1 Ապրիլ, 1915essay@gmail.com հասցէին: Շարադրութիւններուն վրայ պէտք է նշուի հեղինակին անունը, տարիքը, դպրոցին անունը, դասարանը, ուսուցիչին անունը, հեղինակին հասցէն, հեռաձայնի թիւը եւ համացանցային հասցէն: