Սիրելի՛ մայրեր,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Մայրերու տօնի առիթով:
Պատահական չէ, որ Մայրերու տօնը կը զուգակցի գարնան առաջին (գիշերահաւասարի) օրուան հետ` խորհդանշելով կեանք պարգեւելու ձեր ամենակարեւոր առաքելութեան մասին: Այս տօնը եւս մէկ առիթ կ’ընձեռէ գնահատանքի ու մեծարանքի խօսքեր յղելու ձեզի եւ արժեւորելու ձեր բացառիկ դերը Հայրենիքի ու Սփիւռքի մէջ: Հազարամեակներու մեր պատմութեան բոլոր բախտորոշ պահերուն հայ կինը առանձնացած է իր անմնացորդ նուիրումով Հայրենիքին եւ ընտանիքին:
Արդարեւ Սուրիոյ մէջ մէկ դարէ աւելի հայ մայրերու առանձնակի նուիրումի արդիւնքով է, որ պահպանուած է մեր ժողովուրդի ազգային նկարագիրը եւ հայ մանուկը հաւատարիմ մնացած է իր ինքնութեան: Այսօր ալ պատերազմի ծանր պայմաններու մէջ դուք կը հերոսանաք՝ մնալով այդ դժոխային վիճակի մէջ եւ պահպանելով ձեր օճախն ու տունը:
Դուք աւանդական հայկական ընտանիքի կայունութեան անսասան յենասիւնն ու մեր ժողովուրդի յարատեւութեան երաշխաւորն էք:
Դուք անձնուիրութեան փառապանծ օրինակ դարձած էք եւ ծայր աստիճան լարուած իրադարձութիւններու ընթացքին, ահաբեկչութիւններու թոհուբոհի մէջ կրցաք ամուր պահել հայ ընտանիքը, հայեցի կրթել եւ դաստիարակել հայ երախաները:
Կը մաղթեմ ձեզի անսահման սէր ու խաղաղութիւն եւ կը ցանկամ, որ ըլլաք գարնան պէս միշտ լուսափայլ, կենարար եւ երջանիկ:
Եղէ՛ք սիրուած եւ միշտ ժպտացէք:
Յարգանքով`
Հրանոյշ Յակոբեան