Պոսթընի կաթողիկէ եկեղեցին առաջին անգամ ըլլալով, պատարագ պիտի մատուցէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին Մարտ 17-ին յայտարարած է Պոսթընի արքեպիսկոպոս քարտինալ Շոն Փաթրիք Օմելլի՛ն:
Վկայակոչելով «The Boston Globe»-ը՝ News.am-ը կը հաղորդէ, թէ քարտինալը պատարագ պիտի մատուցէ Ապրիլ 23-ին, Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ:
Իր յայտարարութեան մէջ քարտինալը յիշատակած է Հռոմի Պապին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Օմելլի՛ն նաեւ համերաշխութիւն յայտնած է քրիստոնեաներուն, որոնք կը տառապին ամբողջ աշխարհի մէջ:
Արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ կրօնական առաջնորդներ: