Հինգշաբթի, 14. 11. 2024

spot_img

Նկարիչ Կարօ Սաֆարեանի Գծանկարներու Ցուցահանդէսի Բացումը Դամասկոսի Օփերայի Ցուցասրահին Մէջ

Դամասկոսի Օփերայի ցուցասրահին  մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդ նկարիչ՝ Կարօ Սաֆարեանի «1» խորագիրը կրող  անհատական ցուցահանդէսի բացումը,  որ կը պարունակէր տարբեր թեմաներով 23 արտայայտիչ, ժամանակակից գծագրական նկարներ:

Ըստ «Հայերն Այսօր»ի ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ լիազօր դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, որ ՍԱՆԱ սուրիական լրատուական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ երիտասարդ Սաֆարեան հաւակնոտ, ստեղծագործ է եւ նոր գաղափարներ կը ներկայացնէ իր գործերուն մէջ։ Դեսպանը աւելցուցած է, որ այս գործերով Սուրիոյ երիտասարդները կ’արտացոլեն իրականութիւնը արուեստի միջոցով, եւ կ’արտայայտեն իրենց կապուածութիւնը հայրենիքին, եւ համարձակ նախաձեռնութիւններ կ’ընեն  երկիրի ապագային ու կը հրաժարին հեռանալ հայրենիքէն:

Դեսպան Փոլատեան նաեւ բարձր գնահատած է Գեղարուեստի համալսարանը Դամասկոսի մէջ՝ ըսելով, որ այսպիսի տաղանդաւոր ուսանողներ ունին, որոնք կը ներկայացնեն նոր գաղափարներ եւ տեսիլքներ, յատկապէս այդ նկարները, որոնք կ’արտայայտեն ճգնաժամի եւ կանանց ողբերգութիւններուն մասին ընդհանրապէս:

Իր հերթին երիտասարդ նկարիչ Սաֆարեան, որ Գեղարուեստի համալսարանի տեսողական հաղորդակցութեան բաժանմունքի  երրորդ դասարանի ուսանող է՝ նկատեց, որ իր նկարներուն մէջ անդրադարձած է մարդկութեան կրած ընկերային խնդիրներուն, ինչպիսիք են աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ պատերազմի ազդեցութիւնը հասարակութեան տարբեր խաւերուն վրայ,  անդրադարձած է նաեւ կանանց խնդիրներուն:

Սաֆարեան նշած է, որ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսի նկարները ներկայացուցած է վառ գոյներով, որ կը հակասէ նկարներու ցաւոտ թեմաներուն, նպատակ ունենալով յոյս եւ լաւատեսութիւն ներշնչելու եւ արուեստի մէջ նոր ոճ  մտցնելու:

Նշուած է , որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ շաբաթ, Օփերայի ցուցասրահին մէջ:

Կարօ Սաֆարեան ծնած է 1996-ին, փոքր տարիքէն հետաքրքրուած է նկարչութեամբ ու հետեւած է  Էտհէմ Իսմայիլի կեդրոնի եւ ռուսական մշակութային կեդրոնի դասընթացքներուն: 2012-ին Ռուսիոյ մէջ մասնակցած է  «Սուրիա` մարգարէներու երկիր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, նաեւ մասնակցած է «Լայալի Էլուատի» փառատօնի ընթացքին կազմակերպուած ցուցահանդէսին նախորդ տարի Հոմսի մէջ:

8

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին