Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Յոյսով Եմ Որ Ձայներու Ջախջախիչ Մեծամասնութեամբ Սուրիոյ Խորհրդարան Պիտի Հասնիմ». Երատօ Գրիգորեան

«Այս ամենածանր   եւ տագնապալի օրերուն որոշած եմ  ամէն գնով  զօրավիգ կանգնիլ  սուրիական   հայրենիքին»,  «Արեւելք»ին ըսած է Երատօ  Գրիգորեան:  Դամասկոս  ապրող լրագրողուհին  նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ Ապրիլին  Սուրիոյ մէջ  կայանալիք   խորհրդարանական  ընտրութիւններուն, իր թեկնածու առաջադրուիլը  եղած է  անհատական  նախաձեռնութեամբ: «Սուրիոյ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւնս առաջադրելու թելադրանքը՝  կը բխի սուրիական հայրենիքի հանդէպ ունեցած պարտականութիւններուս թելադրականութիւնէն», ըսաւ  ան նկատել  տալով, որ «ցանկութիւնս է իմ հնարաւորութեանս չափով շարունակել այդ ուղին, նամանաւանդ Սուրիոյ համար այս ամենածանր եւ տագնապալի օրերուն»: Երատօ  Գրիգորեան  նաեւ նշեց, թէ ինք  անդամ է Հայ-Արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդի, ինչպէս    նաեւ    որպէս լրագրող    մինչեւ օրս կը պաշտօնավարէ Սուրիոյ պետական  հեռուստաընկերութեան  մէջ: Մեր խօսակիցը   նաեւ   յայտնեց, որ իր  թեկնածու  դառնալու հանգամանքը   անկախ  նախաձեռնութեան մը արդիւնք է:    Երատօ  Գրիգորեան  խօսելով Դամասկոսի հայկական համայնքի  մասին  նկատել տուաւ, որ այսօր Դամասկոսի  քաղաքական որոշում կայացնող  միասնական   հայ  մարմին մը կամ  կողմ մը չկայ: Ան այս առումով ըսաւ. «Դամասկոսի մէջ Հայ պատասխանատու մարմիններ չունինք, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակից թեկնածուներ առաջադրեն, որոշում կայացնեն, կամ Հայաստանի դեսպանութեան եւ կրօնական իշխանութեան կարծիքը արտայայտեն»,   նշելով նաեւ, թէ  ինք  իր թեկնածուութիւնը առաջադրած է օգտուելով  Սուրիոյ   ազգային սահմանադրութեան ընձեռած  առիթէն: Խօսելով Դամասկոսէն  եւ Հալէպէն  յառաջիկայ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած հայերու մասին,   ան ըսաւ. «Ներկայ պահուս առաջադրուած են հինգ դամասկահայեր, իսկ տասնհինգէ աւելի հալէպահայ թեկնածուներ կան»: Երատօ   Գրիգորեան յիշեցուց, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն   ինք  պիտի  մասնակցի այլ հայ թեկնածու  Վահէ Մահշիկեանի  հետ կնքուած դաշինքով մը   եւ այս առումով  ըսաւ. «Ես ու Հայ-Արաբական Միջազգային Իրաւական Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար պրն. Վահէ Մահշիկեան դաշնակիցներ ենք եւ Դամասկոսի անկախ ցանկին մէջ, տեղացի այլ  թեկնածուներու հետ միասին պիտի տանինք  ընտրապայքարը»:   Աւարտին թեկնածուն յայտնեց,  թէ  իրենք  վստահ են  իրենց յաղթանակին. «Մենք յոյսով ենք, որ երկուքս ալ ջախջախիչ ձայներով յաղթանակ կը տանինք եւ կը մտնենք խորհրդարան»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին