Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը մշտապէս կարեւոր կը համարէ՝ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները հնչեցնելը արտասահմանեան հիւրախաղերու ընթացքին:
Պէյրութի մօտ տեղի ունեցող «Ալ Պուստան» միջազգային փառատօնի Մարտ 15-ի համերգը բացուեցաւ՝ Ճիւան Տէր Թադեւոսեանի Լիրիկական պոէմով: Հանդիսատեսը ջերմօրէն ընդունեց այս ստեղծագործութիւնը, կը հաղորդէ armradio.am-ը:
Երեկոյի ընթացքին տաղանդաւոր թաւջութակահար Էտկար Մորոն, Երիտասարդական նուագախումբի նուագակցութեամբ կատարեց Սերկէյ Փրոքոֆեւի Սիմֆոնիա-համանուագը թաւջութակի եւ նուագախումբի համար:
Համերգի երկրորդ բաժինին մէջ Սերկէյ Սմբատեանի գլխաւորութեամբ հնչեց՝ Մոտեստ Մուսորկսքիի Պատկերներ ցուցահանդէսէն ստեղծագործութիւնը (փոխադրութիւնը` Մորիս Ռաւելի):
Նուագախումբը կատարեց Արամ Խաչատրեանի հանրայայտ «Սուրերով պարը» «Գայանէ» պալէէն:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը երրորդ տարին անընդմէջ հանդէս կու գայ՝ «Ալ Պուստան» միջազգային փառատօնին որպէս պաշտօնական նուագախումբ: Երիտասարդականը «Ալ Պուստան» փառատօնին կը մասնակցի ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գլխաւոր գործընկերն է Վիւասել ՄԹՍ-ը: