Երէկ՝ Մարտ 20-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Ծաղկազարդը` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ տարիներ առաջ հռչակուած է նաեւ իբրեւ մանուկներու օրհնութեան օր:
Այս առիթով Առաւօտեան ժամերգութենէ ետք, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Միածնաէջ Ս. Տաճարի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ:
Շարականի երգեցողութեան ու օրուան խորհրդին հարազատ աւետարանական հատուածներու ընթերցումէ յետոյ, օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը, ապա Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը բաշխեց Էջմիածնէն եւ Հայաստանի այլ բնակավայրերէն Մայր Աթոռ ժամանած մանուկներուն:
Արարողութեան աւարտին Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը բերելով Մայր Աթոռի մէջ հաւաքուած մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն, ներկայացուց օրուան խորհուրդը, ապա մաղթեց, որ Աստուած օրհնէ բոլոր մանուկներուն, Անոր սէրը, շնորհքը եւ ողորմութիւնը մշտապէս ըլլան բոլորին հետ, եւ հայ մանուկները ապրին Տիրոջ օրհնութեան ներքոյ` վայելելով իրենց ծնողքներու սէրը, գուրգուրանքն ու խնամքը:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Երկնաւորէն հայցեց, որ Ամենակալ Աստուած զօրացնէ Հայաստան աշխարհն ու ժողովուրդին` ապրելու բարօր եւ երջանիկ կեանքով ու իրականացնելու ազգի եւ նախնեաց դարաւոր իղձերն ու երազանքները:
Միասնական Տէրունական աղօթքէ ետք Նորին Սրբութիւնը մանուկներուն խաչեր ընծայեց:
Այնուհետեւ Մայր Տաճարի մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Հոգեւորականաց թափօրը` գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Էջմիածինի թիւ 1 հիմնական դպրոցի աշակերտներուն, առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար:
Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Վարդան եպիսկոպոս Նաւասարդեանը:
Վարդան Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով օրուան խորհրդին ըսաւ. «Այս տօնը, սիրելիներ, մեզի համար առաջին հերթին լաւագոյն հնարաւորութիւնն է ճանաչցնել տալու Յիսուսին` մեր Փրկիչին, որ եկաւ փրկելու մեզի եւ ազատագրելու մահուան ճիրաններէն: Ան եկաւ մեզի յաւիտենական կեանքի ժառանգորդներ դարձնելու, եկաւ վերականգնելու արդարութեան, ճշմարտութեան եւ սրբութեան մէջ: Տիրոջ ճանաչողութիւնը Տիրոջ խոստովանութիւնն է:
Եկէք ուրեմն այս ուրախ տօնի առիթով, երբ ամէնքս եկած ենք Իր Սուրբ Եկեղեցի` Տիրոջմով ուրախանալու, բերած ենք մեր մանուկներուն, որ Տէրը օրհնէ, զօրացնէ, իմաստութեան մէջ սնէ ու դաստիարակէ, եկած ենք որպէսզի Հայոց Հայրապետի աջի զօրութեամբ անոնք իրենց կեանքի կատարեալ իտէալ համարեն Յիսուս Քրիստոսին, Անոր խօսքի ճանաչողութեամբ ու պատգամներու կատարումով ընթանան Աւագ շաբաթուայ խաչի ճամբով, երթան Գողգոթայով, փնտռեն բոլոր այն դժուարութիւններու ճամբաները, որ Տէրը պիտի տայ մեզի, բայց մեծագոյն յոյսով` հասնելու մահուան հանդէպ մեր յաղթանակին»:
Պատարագիչը յորդորեց ոչ միայն շուրթերով փառաբանել ու օրհնաբանել Տիրոջ գալուստը, այլեւ կեանքի նորոգութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ խորաններէն ճառագող օրհնութեամբ դիմագրաւել կեանքի նեղութիւններն ու անհասկացողութիւնները, հաւատքի տկարութիւնները վերականգնել եւ սեփական կեանքը փառաւորել Տիրոջ յարութեամբ:
Ս. Պատարագի աւարտին Ամենայն Հայոց Հայրապետի նախագահութեամբ, վերստին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան արարողութիւն, որուն ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռի Սոցիալական ծառայութեան գրասենեակի կողմէ իրականացող «Ծաղկազարդը Մայր Աթոռի մէջ» ծրագիրի մասնակիցները: Ծրագրի շրջանակին մէջ Մայր Աթոռ ժամանած էին Հայաստանի տարբեր թեմերէ ընկերային անապահով ընտանիքներու 300 մանուկներ, որոնցմէ 100-ը սուրիահայեր:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը օրհնութեան կարգի աւարտին շնորհաւորեց մանուկները, ապա ներկայացուց տօնի խորհուրդը` նշելով, որ այսօր Փրկիչը մուտք կը գործէ հոգիի տաճարներ, նաեւ եկեղեցիներ, ուր ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտերկիրէն համախմբուած են ազգի հաւատաւոր զաւակները: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ սուրիահայ մանուկներու մասնակցութեան, որոնք ձգելով իրենց հայրենի օճախները, պատերազմական փորձութիւններու հարկադրանքի պատճառով հեռացած են Սուրիայէն եւ ապաստան գտած Հայրենիքի մէջ: Այս կապակցութեամբ Հայոց Հայրապետը Երկնաւոր Տիրոջմէ յայցեց, որ Իր խաղաղութիւնը հեղէ՝ աշխարհի տարբեր կողմերը պատերազմի տառապանքները կրող ժողովուրդներու կեանքին մէջ:
Ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մաղթեց, որ Երկնաւոր Տէրը մուտք գործէ ամէնքի սրտերէն ներս եւ սրբագործէ բոլոր չար մտածումներն ու խորհուրդները, որպէսզի անոնք մաքուր սիրտով կարենան կառուցել իրենց կեանքը, զօրացնեն երկիրը, բարօր ու շէն դարձնեն ազգային կեանքը:
Խօսելով մանուկներուն նմանուելու տէրունապատուէր կոչի մասին` Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Սիրենք մեր մանուկները ինչպէս Տէրը սիրեց եւ մշտական մեր գուրգուրանքի առարկայ դարձնենք անոնց: Ոչ միայն ծնողները, այլ նաեւ իւրաքանչիւր հայորդի իր կարողութիւններու եւ հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ թող նպաստէ, որպէսզի մեր մանուկները երջանիկ ապրին, հասակ առնեն սիրոյ մէջ, դառնան մեր ազգի եւ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակները»:
Նոյն օրը «Ծաղկազարդը Մայր Աթոռի մէջ» ծրագիրի մասնակից մանուկները, Էջմիածնի «Հրաչ եւ Սիւզան Թուֆայեան» հայորդեաց տան մէջ ներկայ եղան տօնական համերգի, որու աւարտին նուէրներ ստացան` պատրաստուած Մայր Աթոռի Սոցիալական ծառայութեան գրասենեակի եւ «SOAR» բարեգործական կազմակերպութեան միջոցներով: