Չորեքշաբթի, 18. 06. 2025

spot_img

Ծաղկազարդը Հալէպի Եկեղեցիներու Մէջ

Մարտ 20-ին Հալէպի Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ PERIO NEWS։

Ծաղկազարդի Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն՝ եկեղեցիներու մուտքերը զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով, իսկ հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու մոմեր:
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, օրուան Խուրհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզի ընթացքին խաղաղութեան մաղթանքներ խնդրուեցան սուրիական հայրենիքին, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին