Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

ՀՀ Նախագահը Պրիւքսէլի Մէջ ԵԺԿ Գագաթաժողովին Կը Մասնակցի

Աշխատանքային այցով Պելճիքայի Թագաւորութիւն մեկնած ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Պրիւքսէլի մէջ կը մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթաժողովին, որ կը վարէ ԵԺԿ նախագահ Ժոզէֆ Տոլը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` գագաթաժողովին կը մասնակցին Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահներ Տոնալտ Դուսգն ու Ժան-Քլոտ Իւնգերը, ԵՄ անդամ եւ Արեւելեան գործընկեր երկիրներէն ԵԺԿ-ին անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները:

Կը նախատեսուի, որ գագաթաժողովի մասնակիցները քննարկեն տնտեսական առկայ խնդիրներն ու զարգացման հեռանկարները, անդրադառնան միջազգային արդի մարտահրաւէրներուն, ներառեալ սուրիական ճգնաժամին, Եւրոպայի մէջ լուրջ մարտահրաւէր դարձած փախստականներու խնդիրներուն, Եւրոպական Միութեան՝ ԵՄ անդամ պետութիւններու մէջ քաղաքական իրավիճակին եւ ԵՄ հարեւանութեան քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին