Պաշտօնական հաղորդումներու համաձայն` Մաշհատի հայկական եկեղեցին եւ գերեզմանատունը արձանագրուած են՝ Իրանի պատմամշակութային արժէքներու ցանկին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալիք» օրաթերթը:
Իրանի պատմամշակութային կոթողներու վերականգնման եւ պահպանման տեսչութեան գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Ֆարհատ Նազարին, հաստատելով կոթողի արձանագրումը յայտարարած է, որ Մաշհատի քրիստոնեաներու գերեզմանատունը եւ եկեղեցին արձանագրուած են, Խորասանէ Ռազաւի նահանգի պատմամշակութային կոթողներու ցանկին վրայ` որպէսզի կանխուի անոնց դէմ հնարաւոր ոտնձգութիւնը կամ աւերման փորձը: Յիշեալ լուրը հաղորդած է «Սաֆար նիւզ» կայքէջը: