Թուրքիոյ իշխանամէտ «Սապահ» թերթի սիւնակագիր Էնկին Արտըչ հանդէս եկած է ուշագրաւ յօդուածով: «Անհեթեթ Քեմալ» յօդուածով հեղինակը քննադատած է «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (ԺՀԿ-CHP) առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
«Ինչո՞ւ քրտական սապատը ձեր շալակը առիք, յարգելի իթթիհատականներ: Հայերը կոտորեցիք, յոյները վտարեցիք, արաբները չճանչցաք, իսկ քիւրտերը ինչո՞ւ ձեր շալակը առիք: Ի՞նչ տեսակ սկզբունքներ են ասոնք»:
Նշենք, որ Արտըչի քննադատական յօդուածին համար պատճառ դարձած է՝ Մարտ 13-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիան պէտք է վերադառնայ իր հիմնարար սկզբունքներուն:
Իշխանամէտ լրագրողը զայրացած է նաեւ նախապէս Քըլըչտարօղլուի կողմէ եղած հետեւեալ արտայայտութենէն. «PKK-ն (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ իշխանութիւնները կը համագործակցին», «AKP-ն (Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) ամէն ինչի ընդունակ է, ներառեալ քաղաքական յանցագործութիւններու»: