Կիրակի, 20. 07. 2025

spot_img

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Ղեկավարները Մեսրոպեանի Մէջ

17 Մարտ 2016-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեցին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն ՏէրԿիւրեղեան եւ փոխ նախագահ դոկտ. Աշոտ Ղազարեան, ընկերակցութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի պատասխանատու ներկայացուցիչներէն տիկին Անիթա Լիպարեանի: Հիւրերը ընդունուեցան Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի կազմի անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Գերյարգելի Հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի:

Մեսրոպեանի Եսայեան սրահին մէջ կայացած աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին՝ քննարկուեցան երկկողմ հետաքրքրութեան բազմաթիւ հարցեր: Մասնաւորաբար Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ առաջատար հաստատութիւն հանդիսացող՝ Ամերիկեան համալսարանի ղեկավարները ներկայացուցին համալսարանի կարգավիճակին, կրթական ծրագիրներուն, ընդունելութեան եւ այնտեղ ուսանելու պայմաններուն մասին սպառիչ տեղեկատուութիւն: Իրենց կարգին Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններն ու խորհուրդի նախագահը, հիւրերը իրազեկեցին լիբանանահայ կրթական կեանքի խնդիրներուն շուրջ, շեշտելով տեղեկատուութեան փոխանակման եւ գործակցութեան ընդլայնումին կարեւութիւնը՝ Հայաստանի եւ լիբանանահայ կրթական կառոյցներուն միջեւ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին