Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

ԵԱՀԿ-ը Նովրուզի Եւ Զատիկի Նախաշեմին Կոչ Ուղղած Է Խուսափելու Սահմանին Վրայ Լարուածութենէ

ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն կոչ ուղղած է խստօրէն հետեւելու հրադադարին` խուսափելով Զատիկի ու Նովրուզի նախաշեմին այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք պատճառ կ՛ըլլան լարուածութեան աճին, կը հաղորդէ «Թերթ» լրատուական կայքը:

ԵԱՀԿ-ի կայքին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Քասփրչիկ մշտադիտարկում իրականացուցած է հայ-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ:

«Կողմերը ինծի տեղեկացուցած են սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն մասին, եւ ես լսած եմ անոնց բողոքները: Կողմերը ընդգծած են, որ զօրքերու շփման գիծին վրայ գիւղերը մօտ տեղակայուած են: Սահմանամերձ գօտիներու բնակիչները լրջօրէն կը տուժեն հրադադարի խախտումներէն», ըսած է ան:

Ան շնորհաւորած է տարածաշրջանի բոլոր բնակիչները յառաջիկայ տօներուն առիթով եւ կոչ ուղղած է այդ ընթացքին խուսափելու հրադադարի խախտումներէ:

«Յառաջիկայ Նովրուզի եւ Զատիկի տօները հաշուի առնելով` ես կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ պահպանելու հրադադարն ու խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ շփման գիծի վրայ կամ սահմանի լարուածութեան աճին», ըսած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին