Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Լիբանանի Կեդրոնական Գրասենեակի Համադրումով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահն ու Փոխ-նախագահը Հանդիպում Ունեցան Լիբանանահայ Աշակերտներու Հետ

Գաղութային այլ հանդիպումներու կողքին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Կեդրոնական Գրասենեակի համադրումով՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան եւ Փոխ-նախագահ Պրն. Աշոտ Ղազարեան, հանդիպում ունեցան հայկական երկրորդական վարժարաններու 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտներուն հետ՝ բարձրագոյն ուսման կողմնորոշման նպատակով:

Տպայէ,  Անթիլիաս, Զալքա եւ Ֆանար շրջաններու վարժարաններու աշակերտներուն հետ տեսակցութիւնը դիւրացնելու համար, բարձրագոյն ուսման կողմնորոշման առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016-ին կ.ա. ժամը 11:30-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ե. եւ Ա. Տեմիրճեան Կեդրոնէն ներս: Սոյն հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանը եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Դարուհի-Յովակիմեան Երկրորդական Վարժարանը:

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի պատասխանատուները այս առիթով աշակերտներուն փոխանցեցին արձանագրութեան, մասնագիտութիւններու, դասանիւթերու, կրթաթոշակի եւ կրթանպաստի վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

            Հ.Բ.Ը.Մ. Լիբանան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին