Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը Մարտ 12ին առաջին անգամ մասնակցած է՝ Պերլինի մէջ կազմակերպուող «Fete de la Francophonie» խորագիրով ամէնամեայ փառատօնին, որուն կը հրաւիրուին Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ դեսպանութիւնները:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Հայաստանի դեսպանութիւնը հանդէս եկած է առանձին տաղաւարով, որուն մէջ ներկայացուած են հայկական աւանդական ուտեստներ, քաղցրաւենիք եւ հայկական արտադրութեան հիւթեր: Տաղաւարի բազմաթիւ այցելուներուն առաջարկուած են նաեւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ու տնտեսութեան վերաբերող տեղեկատուական նիւթեր եւ յուշանուէրներ:
Ձեռնարկին նախորդած դեսպաններու ճաշին, Գերմանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆիլիփ Էդիէնը շնորհակալութիւն յայտնած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանին՝ ձեռնարկին մասնակցելու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Դեսպանութիւնը մասնակցած է նաեւ փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուած մանկահասակ այցելուներու համար ծրագիրին, որուն ընթացքին մանուկներու համար ֆրանսերէնով ընթերցուած են Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները: