Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Կիպրոսի Հայ Համայնքը Երկու Երկիրները Շաղկապող Շատ Կարեւոր Օղակ է». Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով մեկնած է Կիպրոսի Հանրապետութիւն: ՀՀ նախագահի մամուլի եւ տեղեկատւութեան գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Կիպրոսի նախագահի նստավայրին մէջ բարձրաստիճան հիւրի դիմաւորման արարողութենէն ետք, տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատիսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձնազրոյցը, որուն աւարտին մեկնարկած են՝ երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ, հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ՝ մշակոյթի բնագաւառին մէջ 2016-2018թթ. համագործակցութեան մասին ծրագիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ՝ կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ 2016-2020թթ. համագործակցութեան մասին գործնական ծրագիրը, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ՝ երկու երկիրներու համալսարաններուն մէջ ուսումը սկսելու եւ շարունակելու նպատակով, բարձրագոյն ուսումնական որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման մասին համաձայնագիրը:

Հայաստանի եւ Կիպրոսի նախագահները հանդիպման արդիւնքները ամփոփած են՝ զանգուածային լրատուամիջոցներու առջեւ համատեղ յայտարարութիւններով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին