Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի Այցելութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէմիրճեան Կեդրոն

Օրերս Լիբանան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, լիբանանահայ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2015-ի երեկոյեան այցելեց Միութեանս Տէմիրճեան կեդրոնը, ուր նախապէս հաւաքուած էին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Կրթական Յանձնախումբի, Վեթերաններու Համախմբման, Տիկնանց Մասնաճիւղերու կազմեր ու անդամներ:

Հանդիպման առաջին վայրկեանէն ստեղծուեցաւ մտերմիկ զրոյց եւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան ծանօթացաւ գրեթէ բոլոր ներկաներուն ու պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներու եւ ունեցաւ առանձնազրոյց՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնկճեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին ներկաներ համախմբուեցան Ասպետներու սրահը, ուր բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Միութեան պատմականին, անոր Հայաստանէ ներս կատարած ներդրումներուն, եւ Միութեան հիմնադիրներուն ու նախագահներուն հայրենաշէն եւ հայրենանուէր առաքելութեանց, միաժամանակ ակնարկելով Արցախի ժողովուրդին ու քաջարի զաւակներուն կատարած զոհողութեանց, որ պատճառած էր հպարտութիւն ընդհանուր հայութեան: Իր խօսքի աւարտին Համբիկ Մարտիրոսեան յաջողութիւն մաղթեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետին՝ իր առաքելութեան մէջ:

Ապա խօսք առաւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ջերմ  ընդունելութեան համար ու դրուատեց Հայաստան, Արցախ եւ Հ.Բ.Ը.Մ. գործակցութիւնը, ծանրանալով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի հայրենանուէր առաքելութեան վրայ:

Երեկոն շարունակուեցաւ հիւրասիրութեամբ:

Հ.Բ.Ը.Մ. Լիբանան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին