ՌԱԿ Պայքար ակումբի վարչութեան նախաձեռութեամբ, իր տեսակին մէջ մտերմիկ լսարան մը կազմակերպուեցաւ նուիրուած Զօրավար Անդրանիկին:
Արդարեւ երէկ՝ Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 8:00ին, ՌԱԿ Պայքար ակումբին մէջ «Զօրավար Անդրանիկ՝ Ծանօթ եւ Անծանօթ Հերոսապետը» նիւթով լսարան մը տեղի ունեցաւ, ներկայութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատասխանատու ընկերներու, ՌԱԿ Պայքար ակումբի ընկերներու, քոյր ակումբներու պատասխանատուներու եւ Անդրանիկ Զօրավարը բարձր գնահատող ներկաներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկեր Կարօ Յակոբեան (խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային):
Ապա բեմը յանձնուեցաւ Հայրենիքէն յատուկ ժամանած Պրն. Կարօ Վարդանեանին (տնօրէն՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի), որ շատ հաճելի ու դիւրամատչելի ոճով ներկայացուց մեծ Զօրավարը (խօսքէն կարեւոր մէջբերումներ կու տանք հետագային):
Կարօ Վարդանեան իր խօսքէն ետք ներկաներուն առիթ ընծայեց իրենց հարցումները ուղղելու, որոնց տուաւ լրացուցիչ պատասխաններ:
Աւարտին ՌԱԿ Պայքար ակումբի ատենապետ ընկեր Վահան Գրիգորեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մասնակցութեան համար, անոնց հրաւիրելով կոկիկ հիւրասիրութեան մը շուրջ յաւելեալ զրոյցի: