Յունաստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցի ծիրէն ներս՝ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Աթէնքի մէջ այցելած է Բիւզանդական եւ քրիստոնէական թանգարան, ուր Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ ներկայ գտնուած է՝ «Հայաստան.Արարատի ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն:
Թանգարանի կեդրոնական մասնաշէնքի երկու յարկերուն վրայ ցուցադրուած հարիւրէ աւելի ցուցանմուշները կը ներկայացնեն Հայաստանը` պրոնզէ դարէն մինչեւ 20-րդ դար երկարող ժամանակահատուած: Ներկայացուած առարկաները եզակի գտածոներ են` պեղուած բացառապէս Հայաստանի ներկայ տարածքէն, ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան բարձրարժէք գեղարուեստական նմուշներ, երկրպագութեան եւ ծէսի եզակի իրեր, ինչպէս նաեւ ձեռագրեր եւ կիրառական արուեստի առարկաներ Հայաստանի տարբեր պատմական-ազգագրական շրջաններէ: Թեմաներու բաժնուած ցուցահանդէսը բաղկացած է երեք մասէ` «Հայկական քաղաքակրթութեան հմայքն ու ուժը», «Հայաստանը փոփոխուող աշխարհի մէջ», «Կոչեմ ապրողաց (Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով)»:
Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահները երկու երկիրներու մշակոյթի նախարարներու, պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներու ուղեկցութեամբ` թանգարան այցելած բազմաթիւ հիւրերու հետ շրջած են ցուցահանդէսի սրահներուն մէջ, ծանօթացած հարուստ ցուցադրանիւթին: