Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 Մարտին, նախքան բարձրաստիճան այցելութիւններն ու բանակցութիւնները, Աթէնքի մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Անհետ կորսուած զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:
ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով՝ Յունաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի առանձնազրոյցը: Հայաստանի նախագահը եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, որ նախագահ ըլլալէ առաջ Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամ էր եւ բաւական քաջատեղեակ Հայաստանի վերաբերող կարեւորագոյն հարցերէն, քննարկած են միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի` միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, փոխշահաւէտ կարգ մը կարեւոր մարզերու մէջ հայ-յունական գործակցութեան զարգացման, միջխորհրդարանական կապերուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր: Նախագահները անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերուն, ներկայացուցած անոնց վերաբերեալ երկու երկիրներուն մօտեցումները, խօսած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման առումով բարեկամ Յունաստանի դերակատարութեան, Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, գաղթականներու ճգնաժամի հետեւանքներուն մասին:
Անկէ ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահին ի պատիւ պաշտօնական ճաշ, որուն ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով` անդրադառնալով բարձր մակարդակի հայ-յունական միջպետական յարաբերութիւններուն, զանոնք աւելի զարգացնելու եւ փոխշահաւէտ բազմաթիւ մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման ներուժին, ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով կապուած, երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ այդ բարեկամութեան ամրապնդման իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունեցող Յունաստանի հայ գաղութին: