Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահն ու Փոխ-Նախագահը Թէքէեան Կեդրոնի Մէջ

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխնախագահ Դոկտ. Աշոտ Ղազարեան, Լիբանանահայ հասարակական գործիչներու եւ հաստատութիւններու այցելութեան ծիրէն ներս, երէկ՝ 15 Մարտ 2016ի  երեկոյեան ժամը 7:30ին այցելեցին Թէքէեան Կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու ՌԱԿի եւ ԹՄՄի ընտանիքին, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք»ին եւ համագործակցելու կարելիութիւններ քննարկելու:

Յարգելի հիւրերը դիմաւորեցին ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեան, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկեր Սեւակ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի եւ ԹՄՄ Լիբանանի վերին մարմինները ներկայացնող ընկերուհիներ եւ ընկերներ:

Շուրջ 90 վայրկեան տեւած մտերմիկ հանդիպման ընթացքին, հիւրերը ծանօթացան մեր շրջանակի գործունէութեան, անոր դիմաց մեզի աւելի եւս ծանօթացնելով Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին, որ այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 25 ամեակը:

Հպարտութեամբ իմացանք, որ այսօր համալսարանը  բարձր վարկանիշ ունեցող ուսումնական կեդրոն է ու  համալսարան՝ ամբողջ տարածաշրջանի համար:

Հիւրերը շեշտեցին, որ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը  համայն հայութեան համար է, ինչպէս նաեւ  յստակ ու ամուր կապ՝  Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ: Հիւրերը յստակացուցին, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ երիտասարդ, որ կը փափաքի տեսնել իր Հայրենիքը, հնարաւորութիւն ունի օգտուելու ոսկիէ այս առիթէն՝ Հայրենիքի մէջ  ապրելու եւ  բարձրորակ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան համալսարանական կրթութիւն ստանալու, շատ աւելի մատչելի նիւթական պայմաններով քան իրենց ծննդավայրերուն մէջ:

Դոկտ.Արմէն Տէր-Կիւրեղեան համապարփակ կերպով խօսեցաւ  իր գլխաւորած՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի ազգային, ակադեմական եւ ընկերային առաքելութեան մասին:

Դոկտ. Աշոտ Ղազարեանէն հաճելի էր իմանալ, թէ Հայրենիք ներգաղթած՝ այսօր արդէն 90 ամեայ իր Հայրը, առաջին գրաշարապետերէն մէկը եղած է «Զարթօնք»ին:

Ընկեր Գասարճեան կարեւորեց դրամատուներու եւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի միջեւ գործակցութիւնը՝ ուսման ձգտող աշակերտներուն ուսանողական վարկերու միջոցաւ յաւելեալ կարելիութիւններ ստեղծելու:

Ընկեր Վայէճեան դրուատիքով, խօսեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի տարած ճիգերուն մասին՝ ինչ կը վերաբերի Համլասարաններու պատկերին աւելի եւս բարելաւումին սատարման:

Ընկեր Յակոբեան խոստացաւ «Զարթօնք»ի էջերը, ինչպէս Հայրենի ամէն ձեռնարկութեան, նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին տրամադրութեան տակ դնել՝ աւելի եւս տարածելու անոր առաքելութիւնն ու ճանաչողութիւնը:

Ընկերուհի Անի Լաչինեան, Ընկեր Հրայր Հովիւեան եւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան իրենց դրական ներդրումը ունեցան փոխադարձ զրոյցին եւ զանազան շինիչ միտքերու փոխանակման մէջ:

Յաջողութիւն եւ աւելի եւս վերելք Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին՝ իր ազգային առաքելութեան մէջ, որ շատ աւելի հեռահաս է քան լոկ ակադեմականը:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին