Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

«Կազմակերպուած եւ Ուժեղ Սփիւռք Ունենալը Մեր Ռազմավարական Խնդիրներէն է». ՀՀ Նախագահի Հանդիպումը Յունահայ Համայնքի Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Պաշտօնական այցով Յունաստան գտնուող ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն:

Հանդիպման սկիզբը նախագահը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է՝ ջերմ ու անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ հերթական անգամ հաղորդակցելու հնարաւորութեան համար եւ տեղեկացուցած բարեկամ Յունաստան իր պաշտօնական այցի յագեցած օրակարգին, Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներուն, քննարկուած հարցերու մասին, պատասխանած նաեւ ներկաներու հետաքրքրող հարցերուն:

Սերժ Սարգսեան ուրախութեամբ փաստած է, որ հայ-յունական դարաւոր ջերմ յարաբերութիւնները ոչ միայն պահպանուած են, այլեւ թեւակոխած պետական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու փուլ, ուր նախագահին համոզումով, ակնյայտօրէն կարեւոր դերակատարութիւն ունի յունահայ համայնքը:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին