Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Մասին Նկարահանուած Առաջին Ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Ապրիլին

Ապրիլ 1-ին Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կորսուած թռչուններ» գեղարուեստական ֆիլմը: Երիտասարդ բեմադրիչներ Արէն Փերտեճիի եւ Էլա Ալեամաչի ֆիլմը կը պատմէ հայ երախաներուն` քոյր ու եղբայր Մարիամի եւ Պետոյի մասին, որոնք 1915 թուականին կորսնցուցած են իրենց ընտանիքը:

«Կորսուած թռչուններ»ը 1915ի իրադարձութիւններու մասին Թուրքիոյ մէջ նկարահանուած առաջին ֆիլմն է: Հեղինակներն ու դերասանները Սթամպուլի հայկական Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ պատմեցին ֆիլմի ստեղծման ընթացքին մասին: Հիմնականօրէն հայ դերասանական խումբը միաբերան փաստեց, որ ֆիլմին մէջ տեսած է իր ընտանիքին եւ նախնիներուն պատմութիւնը:

Ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրուած է անցեալ տարուայ Նոյեմբերին` Միացեալ Նահանգներուն մէջ, «Արփա» միջազգային  շարժանկարի փառատօնի ծիրէն ներս` արժանանալով երեք մրցանակներու: Ֆիլմի բեմադիչ եւ բնագիրի համահեղինակ Արէն Փերտեճին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ «Կորսուած թռչուններ»ուն նպատակն է` կամուրջ ստեղծել 1915ի դէպքերուն շուրջ շարունակ բանավիճող կողմերու միջեւ:

«Կորսուած թռչուններ» ֆիլմը կը պատմէ 1915 թուականին պատահած ողբերգութեան, վիշտի ու սարսափի մասին` երկու երախաներու աչքերով: Ֆիլմը մեզի կը յիշեցնէ այն ամէնը, ինչ որ կորսնցուցած ենք: Ֆիլմին նպատակն է միաւորել այս հարցով քաղաքական տեսանկիւնէ հակադիր բեւեռներու մէջ գտնուող մարդիկ: Ամերիկայի մէջ ֆիլմի ցուցադրութեան ժամանակ զգացինք, որ հասած ենք մեր դրած նպատակին: Այնտեղ շուրջ 800 հոգինոց հանդիսատես ունէինք, շատերը հեռու տեղերէ եկած էին: Բոլորը մեզի ըսին, որ ֆիլմը դիտող իւրաքանչիւր մարդ, ըլլայ ան Սփիւռքէն, ամերիկացի, թուրք, թէ հայ, ստացած է մեր ուղերձը: Բոլորը կու լային, կը գրկախառնուէին…», կը պատմէ Արէն Փերտեճին:

Ի դէպ ֆիլմի նկարահանման ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերած է՝ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը: Հեղինակներուն խօսքով նախարարութեան օժանդակութիւնը ընդունած են` բնագիրին չմիջամտելու պայմանով: Շուրջ երկու տարուայ աշխատանքի արդիւնքով ստեղծուած ֆիլմը քաղաքական խորք չի պարունակեր եւ կը ներկայացնէ հարիւր տարուայ վաղեմութիւն ունեցող զգացմունքային հաւաքական պատմութիւն մը: Երիտասարդ բեմադիրչները յոյս ունին, որ ֆիլմը պիտի սիրէ նաեւ թուրք հանդիսատեսը: Բացի այդ կ՛ակնկալեն նաեւ Հայաստանէն հրաւէր ստանալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին