Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Երեւանի Մէջ Պիտի Բացուի Երուսաղէմի Ռուսական եւ Հայկական Սրբավայրերու Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ, Մարտ 29-ին պիտի բացուի «Երուսաղէմի ռուսական եւ հայկական սրբավայրերը» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը` ձեւաւորուած Ս. Փեթերզպուրկի կրօններու պատմութեան պետական թանգարանի հաւաքածոյի բացառիկ նմուշներով:

ՀՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինին հաղորդած տեղեկութիւններով` ցուցահանդէսին, որ պիտի ընդգրկէ 19 եւ 20 դարասկիզբի յայտնի լուսանկարիչներ Ֆ. Պոնֆիսի, Պ. Կենդշելի, Ի. Պարշչեւսքիի եւ այլոց աշխատանքները, պիտի ներկայացուին Պաղեստինի կայսերական ուղղափառ ընկերութեան հաւաքածոյի 60-է աւելի լուսանկարներ:

Նկարները փաստելով եւ փաստագրելով Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բազմադարեայ պատմութիւնը ու ռուսական հոգեւոր ներկայութիւնը Սուրբ երկիրի մէջ, նպատակ ունին ներկայացնելու Երուսաղէմի ճարտարապետական յուշարձանները, հայկական եւ ռուսական տաճարներու գեղարուեստական յարդարանքն ու սրբավայրերը:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 5:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին