Ապրիլ 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանի մէջ Արցախի բարիքներու ցուցահանդէս-վաճառք կը նախատեսուի: Այս մասին նշած է ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, Մարտ 11-ին վերամշակող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ: Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Արցախի արդիւնաբերողներու ապրանքատեսականին: