Մարտ 4-ին Լոնտոնի Պրունէյ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Էնթօնի Կորմանի եւ Սօսի Գասպարեանի «Այժմեան Միջին Արեւելքի Սփիւռքը» գիրքի քննարկումը` գիրքի խմբագիրներու եւ հովանաւորներու` Մէյ Ֆարահի, Մարիա Հոլթի եւ Հարիս Թէոտորելիս-Ռիկասի մասնակցութեամբ: Այս մասին «Հայերն Այսօրը» կը տեղեկանայ armenianinstitute.org.uk կայքէջէն:
Հատորին մէջ տեղ գտած 11 ուսումնասիրութիւնները կը բացայայտեն սփիւռքեան տարբեր համայքներու փորձը, ժամանակի ընթացքին կրած փոփոխութիւնները եւ փորձառութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ: Այս ուսումնասիրութիւնները կը շեշտեն ոչ միայն սփիւռքներու նմանութիւնները, այլ նաեւ ատոնց եզակիութիւնը (առանձնայատկութիւնը):